2012-11-09 13:34:14

Լուկանօ Թեմի Առաջնորդը Բացումը Կատարեց Հաւատքի Տարւոյն`
Հաւատքը Քրիստոսի Հետ Կապ Մըն Է։


''Հաւատալ կը նշանակէ ինքզինք յանձնել Աստուծոյ, վստահիլ Անոր, Տիրոջ որ մեր փրկութեան համար խաչուեցաւ'' ըսաւ գերապայծառ Կռամբա Զուիցերիոյ Լուկանօ թեմին առաջնորդը`անցեալ կիրակի 4 նոյեմբերին, Սիրտ Յիսուսի նուիրուած մայր տաճարին մէջ կատարած թեմական հաւատքի տարւոյն բացման արարողութեան ընթացքին։
Իր արտասանած քարոզին մէջ առաջնորդը ըսաւ որ հաւատքի տարին հաւատացեալներուն առաջարկուած ժամանակաշրջան մըն է ազատ եւ անհատական կապ մը հաստատելու Տիրոջ հետ։ Հաւատքի տարին հռչակելով չենք ուզեր վերյիշեցնել Աստուածային ճշմարտութիւններ կամ սորվիլ Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը, այլ կատարել կեանքի փորձառութիւն մը, ազատ եւ անհատական կապ հաստատելու Տիրոջ հետ։ Հաւատալ կը նշանակէ կապ հաստատել մէկու մը հետ։ Ի՞նչ բան կը պակսի մեր սիրոյն, որպէսզի աւելի ազդու ու համախոհ ըլլայ, հարց տուաւ գերապայծառ Կռամբա ու պատասխանեց`կը պակսի աւելի գիտակից, աւելի անձնական կապ մը Յիսուսի անձին հետ` որ սիրոյ ճշմատրիտ տիպարն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.